2013-05-17 12:42:38

Լիզպոնի Պատրիարք` Կարտինալ Բոլիգարբօ Կը Նուիրագործէ ֆրանչիսկոս Պապի Քահանայապետութիւնը ֆաթիմայի Տիարամօր։


Կարտինալ Բոլիգարբօ` Լիզպոնի պատրիարքը անցեալ 13 մայիս 2013-ին, ֆրանչիսկոս Պապին քահանայապետութիւնը նուիրագործեց ֆաթիմայի Տիարամօր։ Նուիրագործումը տեղի ունեցաւ ֆաթիմայի ուխտավայրի մէջ մատուցած պատարագին ընթացքին` Տիրամօր երեւումին փոքրիկ երեք հովիւներուն` 96-րդ տարեդարձին օրը` 13 մայիսին, աւելի քան 270 հազար ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Կարտինալը Տիրամօրմէն հայցած է որ ֆրանչիսկոս Պապին շնորհէ զատորոշումի շնորհքը Եկեղեցւոյ բարենորոգումին համար։ Նշենք որ Սրբազան Քահանայապետը Լիզպոնի պատրիարքէն երկու անգամ խնդրած է նուիրագործելու իր քահանայապետութիւնը ֆաթիմայի Տիրամօր։








All the contents on this site are copyrighted ©.